2014-12-19 14:37:46

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի 19 դեկտեմբերի քարոզը` ''Եկեղեցին թող ըլլայ Մայր եւ ոչ թէ գործարար'':


(Ռ.Վ 19 դեկտեմբեր 2014) Ուրբաթ, 19 դեկտեմբեր 2014-ին առաւօտեան, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապը, շեշտը դրաւ նոր ստեղծագործութեան վրայ՝ ներկայացուած Յիսուսի Ծնունդով, որ կը վերանորոգէ ամէն ինչ։
Մեկնաբանելով օրուան սուրբ գրային ընթերումը ուր կը խօսուի Եղիսաբեթի ամլութեան եւ Յովհաննէս մկրտիչի ծնունդի մասին., Ֆրանչիսկոս Պապը ըսաւ, որ Իսրայէլի ժողովուրդին համար զաւակ չ՝ունենալը անէծք մըն էր եւ յաճախ Սուրբ գիրքին մէջ կը հանդիպինք ամուլ կիներու, որոնք զաւակ ունեցած են հրաշքի ներգործութեամբ։
Ամլութիւնէն մեկնած, Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատեց, թէ Աստուած կարող է սկիզբ տալ նոր սերունդի եւ նոր կեանքի մը։
Ակնարկելով Յիսուսի ծննդեան ըսաւ, որ ասիկա Աստուծոյ բերած նորութիւնն է, որ ամէն ինչ աւելի հրապուրիչ կերպով կը վերանորոգէ։ Ապա անդրադառնալով Եղիսաբեթի ամլութեան եւ անոր Սուրբ հոգիին շնորհիւ զաւակ ունենալուն, ֆրանչիսկոս Պապը յորդրորեց՝ բացուիլ Սուրբ Հոգիին՝ որովհետեւ միայնակ ոչ մէկ բան կարող ենք գործել։ Ան ապա խօսեցաւ եկեղեցւող մասին ըսելով ,թէ Եկեղեցին ամուլ կը դառնայ , երբ ինքզինք ամենակարող կը զգայ , երբ կ՝ուզէ իշխել մարոց խիղճերուն վրայ եւ երբ՝ կը քալէ Փարիսեցիներու ուղիին վրայ, այսինքն կեղծաւորութեան ուղին։
Աղօթենք ըսաւ Սրբազան Հայրը, որպէսզի Յիսուսի Սուրբ ծնունդը, եկեղեցին բանայ՝ ընկալելու համար Աստուծոյ պարգեւը եւ որպէսզի. Սուրբ Հոգիին ներգործութեամբ՝ զաւակներ բերէ ու դառնայ Մայր։
՝՝Մայր իմ՝՝ ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը Քարոզին աւարտին ՝՝շատ անգամ կը մտածեմ, որ եկեղեցին շատ մը առիթներու ընթացքին, փոխանակ Մայր ըլլալու՝ եղած է գործարար՝՝։ Նայելով Աստուծոյ ժողովուդին ամլութեան եւ եկեղեցւոյ՝ պատմութեան ընթացիքն բազմաթիւ իրողութիւններուն, որոնք եկեղեցին ամուլի վերածած են, մեր աչքերը սեւեռելով մսուրին, խնդրենք Տիրոջմէ շնորհքը՝ եկեղեցւոյ բեղմնաւորութեան։







All the contents on this site are copyrighted ©.